Sacred Texts  Bible  World Bible  Index  Previous  Next 

Armenian (Western): Titus

1:1 Պօղոս, Աստուծոյ ծառայ եւ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ՝ համաձայն Աստուծոյ ընտրեալներուն հաւատքին ու բարեպաշտութեամբ եղած ճշմարտութեան գիտակցութեան,

1:2 յաւիտենական կեանքի յոյսով՝ որ անսուտն Աստուած խոստացաւ դարերու ժամանակներէն առաջ

1:3 - բայց յատուկ ատենին իր խօսքը բացայայտեց քարոզութեամբ՝ որ վստահուեցաւ ինծի մեր Փրկիչ Աստուծոյ հրամանով - ,

1:4 Տիտոսի՝ հարազատ զաւակիս հասարակաց հաւատքին համեմատ. շնորհք եւ խաղաղութիւն Հայր Աստուծմէ ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէ՝ մեր Փրկիչէն:

1:5 Ես ձգեցի քեզ Կրետէ, որպէսզի ուղղես բոլոր պակաս մնացած բաները ու երէցներ նշանակես ամէն քաղաքի մէջ՝ ինչպէս պատուիրեցի քեզի.

1:6 եթէ մէկը ըլլայ անմեղադրելի, մէկ կնոջ ամուսին, եւ ունենայ հաւատարիմ զաւակներ, որոնք անառակութեան համար ամբաստանուած կամ ըմբոստ չըլլան:

1:7 Որովհետեւ եպիսկոպոսը՝ իբր Աստուծոյ տնտես՝ պէտք է ըլլայ անմեղադրելի. ոչ ինքնահաւան, ոչ բարկացող, ոչ գինեմոլ, ոչ զարնող, ոչ ամօթալի շահախնդրութեան հետամուտ եղող,

1:8 հապա՝ հիւրասէր, բարեսէր, խոհեմ, արդար, սուրբ, ժուժկալ,

1:9 հաստատ բռնելով վարդապետութեան հաւատարիմ խօսքը, որպէսզի կարենայ թէ՛ յորդորել ողջամիտ վարդապետութեամբ, թէ՛ կշտամբել հակաճառողները:

1:10 Քանի որ շատ են ըմբոստները, դատարկախօսներն ու հրապուրողները, մա՛նաւանդ անոնք՝ որ թլփատութենէն են:

1:11 Պէտք է պապանձեցնել զանոնք. անոնք կը կործանեն ամբողջ տուներ, եւ կը սորվեցնեն անպատեհ բաներ՝ ամօթալի շահախնդրութեան համար:

1:12 Անոնցմէ մէկը՝ իրենց սեփական մարգարէն՝ ըսած է. «Կրետացիները միշտ ստախօս են, չար գազաններ, դատարկապորտներ»:

1:13 Այս վկայութիւնը ճշմարիտ է. ուստի սաստիկ կշտամբէ՛ զանոնք, որպէսզի առողջանան հաւատքին մէջ,

1:14 ուշադրութիւն չդարձնելով հրէական առասպելներուն ու ճշմարտութենէն խոտորող մարդոց պատուէրներուն:

1:15 Մաքուրներուն՝ ամէն բան մաքուր է. բայց պիղծերուն եւ անհաւատներուն՝ ոչինչ մաքուր է, հապա անոնց միտքն ալ, խղճմտանքն ալ պղծուած են:

1:16 Կը դաւանին թէ կը ճանչնան Աստուած. բայց կ՚ուրանան զայն իրենց գործերով, ըլլալով գարշելի եւ անհնազանդ, ու խոտելի՝ ամէն բարի գործի հանդէպ:

2:1 Իսկ դուն խօսէ՛ ինչ որ կը պատշաճի ողջամիտ վարդապետութեան:

2:2 Տարեցները թող ըլլան զգաստ, պատկառելի, խոհեմ, եւ ողջամիտ՝ հաւատքով, սիրով ու համբերութեամբ:

2:3 Տարեց կիներն ալ թող վարուին այնպէս՝ ինչպէս կը վայլէ սրբութեան, եւ ըլլան ո՛չ չարախօս, ո՛չ գինեմոլ, հապա՝ բարի բաներ սորվեցնող.

2:4 որպէսզի սորվեցնեն դեռահասակ կիներուն՝ սիրել իրենց ամուսինները, սիրել իրենց զաւակները,

2:5 եւ ըլլալ խոհեմ, մաքրակենցաղ, տնաշէն, բարեգործ, իրենց ամուսիններուն հպատակ, որ Աստուծոյ խօսքը չհայհոյուի:

2:6 Նոյնպէս յորդորէ՛ երիտասարդները որ ըլլան խոհեմ:

2:7 Ամէն բանի մէջ դուն քեզ ցոյց տուր իբր տիպար՝ բարի գործերու. վարդապետութեան մէջ՝ ցոյց տուր անեղծութիւն, պատկառանք,

2:8 ողջամիտ եւ անպարսաւելի խօսք, որպէսզի հակառակողը ամչնայ՝ մեր մասին չարախօսելիք ոչինչ ունենալով:

2:9 Յորդորէ՛ ստրուկները՝ որ հպատակին իրենց տէրերուն ու հաճելի ըլլան անոնց՝ ամէն բանի մէջ. չհակաճառեն,

2:10 չխորեն, հապա բոլորովին բարի հաւատարմութիւն ցոյց տան, որպէսզի զարդարեն մեր Փրկիչ Աստուծոյ վարդապետութիւնը՝ ամէն բանի մէջ:

2:11 Քանի որ Աստուծոյ փրկարար շնորհքը երեւցաւ բոլոր մարդոց,

2:12 կրթելով մեզ՝ որ ուրանանք ամբարշտութիւնն ու աշխարհային ցանկութիւնները, եւ ապրինք խոհեմութեամբ, արդարութեամբ ու բարեպաշտութեամբ՝ այս ներկայ աշխարհին մէջ,

2:13 սպասելով այն երանելի յոյսին եւ մեծ Աստուծոյ ու մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի փառքին երեւումին:

2:14 Ան ընծայեց ինքզինք մեզի համար, որպէսզի ազատագրէ մեզ ամէն անօրէնութենէ, եւ մաքրելով՝ ընէ իր սեփական ժողովուրդը, նախանձախնդիր բարի գործերու:

2:15 Ըսէ՛ այս բաները, յորդորէ՛ ու կշտամբէ՛ ամբողջ հեղինակութեամբ: Ո՛չ մէկը թող արհամարհէ քեզ:

3:1 Յիշեցո՛ւր անոնց՝ որ հպատակին պետութիւններուն եւ իշխանութիւններուն, անսան պետութեան, ու պատրաստ ըլլան ամէն բարի գործի.

3:2 ո՛չ մէկուն հայհոյեն, ըլլան ո՛չ թէ կռուազան, հապա՝ ազնիւ, բոլորովին հեզութիւն ցոյց տալով ամէն մարդու:

3:3 Որովհետեւ մե՛նք ալ ժամանակին անմիտ էինք, անհնազանդ, մոլորեալ, ու կը ծառայէինք զանազան ցանկութիւններու եւ հաճոյքներու. կը վարուէինք չարամտութեամբ ու նախանձով, հակակրելի էինք եւ կ՚ատէինք զիրար:

3:4 Բայց երբ մեր Փրկիչ Աստուծոյ քաղցրութիւնն ու մարդասիրութիւնը երեւցան,

3:5 ան փրկեց մեզ - ո՛չ թէ մեր ըրած արդարութեան գործերով, հապա իր ողորմութեան համաձայն - աւազանին վերստին ծնունդով եւ Սուրբ Հոգիին նորոգութեամբ:

3:6 Զայն ճոխութեամբ թափեց մեր վրայ՝ մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով,

3:7 որպէսզի՝ անոր շնորհքով արդարացած ըլլալով՝ ժառանգորդ դառնանք, յաւիտենական կեանքի յոյսին համաձայն:

3:8 Այս խօսքը վստահելի է, եւ կը փափաքիմ որ պնդես այս բաներուն վրայ, որպէսզի Աստուծոյ հաւատացողները ճիգ թափեն մատակարար ըլլալու բարի գործերու. այս բաները բարի են, ու մարդոց օգտակար:

3:9 Բայց հեռո՛ւ կեցիր յիմար վէճերէն, ազգաբանութիւններէն, հակառակութիւններէն եւ Օրէնքին շուրջ եղած կռիւներէն, որովհետեւ անօգուտ են ու փուճ:

3:10 Հրաժարէ՛ հերձուածող մարդէն՝ առաջին եւ երկրորդ խրատէն ետք,

3:11 գիտնալով թէ այդպիսին խոտորած է ու կը մեղանչէ՝ դատապարտելով ինքզինք:

3:12 Երբ Արտեման կամ Տիւքիկոսը ղրկեմ քեզի, փութա՛ գալ ինծի՝ Նիկոպոլիս, որովհետեւ որոշեցի հոն ձմերել:

3:13 Փութաջանութեա՛մբ ուղարկէ Զենաս օրինականը եւ Ապողոսը, հոգ տանելով որ ոչինչ պակսի անոնց:

3:14 Մերիննե՛րն ալ թող սորվին մատակարար ըլլալ բարի գործերու՝ հարկաւոր կարիքներու համար, որպէսզի անպտուղ չըլլան:

3:15 Կը բարեւեն քեզ բոլոր անոնք՝ որ ինծի հետ են. բարեւէ՛ հաւատքին մէջ մեզ սիրողները: Շնորհքը ձեր բոլորին հետ: Ամէն:


Next: Philemon